2014-08-12 08:46:43

Վերափոխում Սուրբ Կոյսին ` Յաղթանակ Քրիստոնէութեան


15 օգոստոսին կը տօնենք Սուրբ Կոյսին մարմնով ու հոգիով վերափոխումը դէպի երկնային փառքը, Աստուածային հիասքանչ շնորհք, որ մեծ ուրախութեամբ կ'ողողէ սրտերը եւ մեզ կը հրաւիրէ ապրելու Սուրբ Կուսին օրինակով ու օր մը, Անոր բարեխօսութեամբ, վերափոխուելու եւ արժանանալու յաւիտենական փառքին ու միանալու Յիսուսին: Ան խաչեալ վիճակին մէջ, խաչէն հռչակեց Մարիամի մայրութիւնը իւրաքանչիւրիս եւ համայն Եկեղեցւոյ. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ», «Ահա քու մայրդ» (Յովհ. 19, 26-27): Այս հոգեւոր մայրութիւնը վերափոխումով հաստատուեցաւ բոլորիս հանդէպ, երբ Սուրբ Կոյսը պսակուեցաւ երկնքի եւ երկրի թագուհի:
Աստուած Սուրբ Կոյսին մարմինը զերծ պահեց ապականութենէն ու զինք հոգիով ու մարմինով բարձրացուց երկինք ու դասաւորեց որ ան լիակատար միանայ Սիրոյ Աղբիւրին, Սուրբ Երրոր-դութեան, ոչ թէ միայն թագաւորելու համար իր Որդիին հետ, այլ՝ կատարեալ մայրութեամբ մարդ արարածներ ծննդաբերելով եւ զանոնք յաւիտենական կեանքի պատրաստելով, ընդունելու Սուրբ Հոգիին շնորհքները ու ծնունդ տալու Քրիստոսի խորհրդաւոր Մարմինին` Եկեղեցւոյ: Ծննդաբերեց Քրիստոս՝ մարդը, ու անոր հետ, անոր հոգեւոր մարմինը, Եկեղեցին, հաւա-տացեալները:
Արժանանալով երկնային փառքին, Սուրբ Կոյսը մեր դիմաց բացաւ Յիսուսի տանող ճամբան: Ամէն անգամ որ հոգի մը կը հանդիպի Քրիստոսի, Աստուածածինը կը մասնակցի այս հոգեւոր հանդիպումին, կ'օգնէ ու կը լուսաւորէ՝ աստուածային կեանքը, Սուրբ Երրորդութիւնը ընձեռելով հաւատացեալին սրտին մէջ, մեծապէս ուրախացնելու համար Հայր Աստուած իր մոլորած որդիներուն վերադարձով:
Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը հրաւէր մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, վերադառնալու Երկնային Մօր, որ մեզ կ'առաջնորդէ Որդիին: Անոր կը յայտնենք երախտագիտական մեր օրհներգները ու կը խոստանանք, ինչպէս որ Ինքը փառքին մէջ ցաւով կը յղանայ մեզ, մենք եւս զոհողութեան ու նուիրումի ճամբով ընդունիլ Յիսուսը մեր կեանքին մէջ ու Զինք ապրիլ, որպէսզի Զինք յղանանք ուրիշներուն սրտին մէջ: Թո՛ղ Աստուածածինը մեզ դաստիարակէ աւետարանական կեանքին ու սորվեցնէ ինչպէս սիրել Սուրբ Երրորդութիւնն ու մեր մերձաւորը, երկինքին մէջ միասին վայելելու համար Աստուած տեսնելու փառքը: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.